Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին` Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան: Տէր Սահակեան ճերմակ քարերով յաղթեց Վլատիսլաւ Քովալեւին (Պիելոռուսիա), իսկ Մովսիսեան պարտութեան մատնեց ռուս Սեմիոն Լոմասովը:
Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ այժմ ունի 5,5 կէտ, կէս կէտով ետ է դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող 4 խաղացողներէն: Մովսիսեան ունի 5 կէտ:



