Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած Լիմասոլի մարաթոնին, Փինիքիա Սուր ակումբին մարզիկները արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ:
10 քմ-ի մրցումին, աւելի քան հինգ հազար մասնակցողներուն մէջ Թարեք Հլայհել հանդիսացաւ երրորդ: Իր կարգին, երրորդ հանդիսացաւ Մունթասեր Համիէ, 5 քմ-ի մրցումին մէջ:
Աղջկանց ընդհանուր դասաւորման մէջ, 2-րդ դիրքը գրաւեց Կիա Մըթէյրեք (5 քմ):
Դասակարգային մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւեց Ժատ Շմէյսանի, իսկ 10 քմ-ի դասակարգին մէջ Հիւսէյն Քասսապ` երրորդ դիրքը:



