Երէկ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ սկիզբ առաւ Կիրակոս Թնճուկեանի անուան 2019-ի պլոթի մրցաշարքը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբին եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ հայորդիներու:
Մրցումները, որոնք սկսան անմիջապէս, տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր: Մրցաշարքը պիտի երկարի երեք օրերու վրայ: Անոր աւարտին ախոյեան զոյգը, ինչպէս նաեւ երկրորդ եւ երրորդ դիրքը գրաւողները պիտի ստանան արժէքաւոր նուէրներ:
Ներկաներուն ուղղուած կոմիտէութեան խօսքին մէջ նշուեցաւ.
«Դաշնակցական ակումբը դաստիարակչական հնոց ըլլալու կողքին, ընկերական ու ընկերային առողջ եւ մտերմիկ միջավայրի ստեղծման վայր մըն է, եւ կա՛ն աւանդութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը պահեն իրենց առկայութիւնը: Այդ աւանդութիւններէն կարելի է նկատել նաեւ թղթախաղը` պլոթը, որ կը համախմբէ երիտասարդն ու տարեցը եւ անկախ խաղի արդիւնքէն կը ստեղծէ նաեւ հաճելի մթնոլորտ: Խաղի ընթացքին եւ խաղէն ետք կը փոխանակուին նաեւ մտերմիկ ընկերական զրոյցներ: Այս խաղը կը միացնէ մտաւորականը, մշակն ու բանուորը եւ նաեւ ռենչպէրը, որոնք միասնաբար խաղի կողքին կը ստեղծեն հաճելի մթնոլորտ եւ դաշնակցական ընկերականութիւն»:
Խօսքին մէջ նշուեցաւ, որ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն այս մրցաշարքով կու գայ շարունակելու տարիներու աւանդութիւն դարձած մրցաշարքը, որ հատատուեցաւ Կիրակոս Թնճուկեանի յիշատակին, որուն համար պլոթը այս բոլորն էր, եւ անոր շուրջ համախմբուիլը իրեն համար գերագոյն հաճոյք կը պատճառէր:



