Երէկ` կիրակի, 24 մարտին, Լիբանանի փինկ փոնկի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Իտալիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջերկրականեան ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար):
Լիբանանեան կազմին մէջ են մարզիկներ Միրիամ Հապաշ, Ատնան Հապաշ եւ Պասսամ Սաֆատիէ, իսկ անոնց մարզիչն է` Մուսթաֆա Հապաշ:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն` Ուտինեզէի մէջ տեղի ունենալիք այս խաղերուն գծով:



