«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ:
Եութա Ճեզ 125-92 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին, հակառակ անոր որ այս վերջինէն Տեւին Պուքըր նշանակեց 59 կէտ:
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ երկրորդ երկարաձգումէն ետք 148-144 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրուքլին Նեթցի դէմ: Նեթցէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 39 կէտ:
Օրլանտօ Մեճիք յաղթեց Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին (119-98), իսկ վերջին մրցումին Մեմֆիս Կրիզլիզ 115-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Օքլահոմա Սիթիի դէմ:
Ստորեւ` ցարդ փլէյ-օֆի իրենց տոմսերը ապահոված խումբերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, Ինտիանա Փէյսըրզ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, Տենվըր Նակեթց, Հիուսթըն Ռոքեթց, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ:
Ստորեւ` ցարդ փլէյ-օֆէն դուրս մնացած կազմերը.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Աթլանթա Հոքս, Շիքակօ Պուլզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Նիւ Եորք Նիքս:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆ.
Մինեսոթա Վուլվզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Նիւ Օրլինզ, Մեմֆիս Կրիզլիզ, Տալաս Մավըրիքս, Ֆէոնիքս Սանզ:



