Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հայրը հաստատեց, որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան անոր ակումբին հետ նոր պայմանագրութեան մը գծով: Նշենք, որ ան ֆութպոլիստին գործակալն է:
Ան յայտնեց, որ թէեւ իր զաւկին գործող պայմանագիրը կ՛աւարտի երեք տարի ետք, սակայն աշխատանք կը տարուի զայն երկարաձգելու:
Ընթացիկ ախոյեանութեան Նէյմար փարիզեան ակումբին հետ կատարեց 23 մրցում` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 11 էսիսթ:



