Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթուդարձի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի, 24 մարտին, երբ 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Ռիատիի դէմ:
Այս մրցումը, որուն ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի համար այս մրցումը կը նկատուի շատ կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակի մը պարագային, ՀՄԸՄ պիտի գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը, մինչ Ռիատի` չորրորդ դիրքը:
Ասկէ մեկնելով` ՀՄԸՄ-ի հետ յաղթանակ մը կերտելու նպատակով, վաղը բոլորին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի հասնին «Ուուտըն Պէյքըրի»-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, հոնկէ յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին ուղղուելու համար Մըզհեր:
Փափաքելի է, որ ինքնաշարժներով եւ փոխադրակառքերով դէպի դաշտ գացողները իրենց հետ ունենան ՀՄԸՄ-ի դրօշակները եւ հագած ըլլան նարնջագոյն շապիկներ` աւելի քաջալերելու համար իրենց կազմը, կարենալ միասնաբար յաղթանակ արձանագրելու համար:


