Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը այսօր` շաբաթ, 23 մարտին, կը կատարէ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը կ՛ըլլայ Պոսնիոյ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ժ. խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Իտալիա, Ֆինլանտա, Լիխթնշթայն եւ Յունաստան:
Հայրենի կազմը երէկ իր վերջին փորձերը կատարեց Սարայեւոյի մէջ գտնուող Կրպավիցա մարզադաշտին վրայ: Փորձերուն մասնակցեցան Սարայեւօ եկած 25 ֆութպոլիստներէն 24-ը:
Փորձ չկատարեց միայն 31 տարեկան Եուրա Մովսիսեան, որ այս մրցումին պիտի չմասնակցի:
Մրցումին նախօրեակին, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանց իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ.
«Մարզիկներուն թելադրեցի, որ փորձեն սխալներ չընել եւ օգտագործել կոլ նշանակելու իւրաքանչիւր առիթ: Եթէ անոնք ըսածներս լաւապէս գործադրեն, կը կարծեմ եւ յոյս ունիմ, որ դրական արդիւնքի կրնանք հասնիլ:
«Փորձերուն ընթացքին Արսէն Բեգլարեան վնասուածք ստացաւ, բայց մնացեալ բոլորը շատ լաւ վիճակի մէջ են»:




