Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Աւանի ֆութպոլի ակադեմիա, յայտնեց վարչապետին պաշտօնական կայքը:
Վարչապետը շրջեցաւ ակադեմիային մէջ, ծանօթացաւ այդտեղ ստեղծուած պայմաններուն եւ անոր ենթակառոյցին:
Ֆետերասիոնին պատասխանատուները վարչապետին ներկայացուցին երկրին մէջ ֆութպոլի զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրները:
Ապա, վարչապետը հանդիպեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներուն եւ մարզչական անձնակազմին, որոնք կը նախապատրաստուէին Ֆինլանտայի դէմ կատարուելիք Եւրօ-2020-ի զտումի մրցաշարքին գծով ճակատումին:
Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան վարչապետ Փաշինեանին նուիրեց հաւաքականին մարզաշապիկը եւ ֆութպոլիստներուն ստորագրութեամբ գնդակ մը:
Իր խօսքը ուղղելով ֆութպոլիստներուն, վարչապետը անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոնք միշտ կը կերտեն յաղթանակներ` իրենց կատարած բոլոր մրցումներուն ընթացքին:





