Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, լոնտոնեան Արսենալի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նախանցեալ օր Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց հայկական ֆութպոլի զարգացման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ պատմեց իր ձգտումներուն մասին` ազգային խումբին եւ իր ակումբին հետ:
Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, Հենրիխ Մխիթարեանի հետ այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ գիւմրեցի երեխայ մը, որուն երազն էր հայկական ֆութպոլի յառաջատարին ստորագրութեամբ գնդակ մը ունենալ:



