15-18 Օգոստոսին. Լիբանան Կը Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Աթլեթիզմի Երրորդ Ախոյեանութիւնը
Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 15-18 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու երրորդ ախոյեանութիւնը: Անոր մասնակցող 11 երկիրներն են` Պահրէյն, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Իրաք, Օման, Եմէն, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին եւ Լիբանան: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ներում հայցեցին, որ պիտի չկարենան մասնակցիլ: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ, մինչ փորձերը` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին, Ռաֆիք Հարիրիի...


