Քանի մը շաբաթ տեւած վիճաբանութիւններէ եւ մասնակի բաժանումէ մը ետք, ի վերջոյ հաշտութիւն գոյացաւ Ռասինկ ֆութպոլի ակումբին հակադիր երկու կողմերուն միջեւ:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս տեղի ունեցած Ռասինկի ընտրութիւնները դժգոհութեան մեծ ալիք մը բարձրացուցին, անոր անդամներուն կէսին մօտ, որոնք յայտնեցին, որ կատարուած ընտրութիւնները կը նկատեն անօրինական:
Սակայն տարուած աշխատանքները` հաշտութիւն գոյացնելու համար երկու կողմերուն միջեւ, ի վերջոյ տուին իրենց դրական արդիւնքը, եւ երկու հակադիրներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացաւ:
Անոնք յայտնեցին, որ մոռնալով անցեալին պատահածները, կը միանան իրարու` աշխատելու համար ի նպաստ ակումբին:



