Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լեւիօ Զիովոթարիօ երէկ հրապարակեց անունները խումբի մարզիկներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ տղոց ֆութպոլի 9-րդ ախոյեանութեան:
Ազգային խումբը կիրակի, 28 յուլիսին կը մեկնի Իրաք:
Նշենք, որ այսօր` հինգշաբթի, 25 յուլիսին, Լիբանանի կազմը կը կատարէ իր փորձերը` Ահտի դաշտին վրայ: Անոր կրնան ներկայ գտնուիլ մարզական լրագրողները, ժամը 17:45-էն 18:15:



