Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ֆետերասիոնի Բաժակի Մրցաշարք. Շապապ Սահել Եւ Շապապ Ղազիէ Հասան Կիսաւարտական Հանգրուան
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Շապապ Սահել 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շապապ Ղազիէի դէմ: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 16-րդ վայրկեանին: Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ղազիէ Սահելի հետ միասին ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ 600 հանդիսատես:



