«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 25 յուլիսին, հայկական երկու ակումբները մրցումներ ունին կատարելիք իրենց դաշտերուն վրայ:
Ժամը: 16:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Փիւնիկ կը հիւրընկալէ Եապլոնեքը (Չեխիա), մինչ ժամը 20:00-ին Ալաշկերտ` Շթէուան (Ռումանիա):
Հայկական երկու խումբերն ալ պէտք է ամէն ճիգ գործ դնեն կոլերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ արձանագրելու, որպէսզի դարձին դժուարութիւններու չհանդիպին: