Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի մրցումով մը կախակայուեցաւ եւ 1500 ամերիկեան տոլարի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած «Քոփա-Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ան Չիլիի դէմ կատարուած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացած էր:
Մրցումէն ետք, Արժանթինի խմբապետը խստօրէն քննադատած էր Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը` զայն մեղադրելով կաշառակերութեան եւ ձախող կազմակերպուած ըլլալուն յանցանքով:
Նախանցեալ օր 32 տարեկան Մեսսի ներում հայցած էր իր կատարած այդ արարքին համար:
Յայտնենք, որ անոր այս նամակը Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ստացած էր Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն:



