Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, բազմաթիւ այլ ակումբներու նման, Արսենալ աւարտեց Միացեալ Նահանգներ իր շրջագայութիւնը եւ վերադարձաւ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն:
Մարզիչ Ունայ Էմերիի գլխաւորած խումբը Միացեալ Նահանգներու մէջ 3-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկեան Քոլորատօ Ռափիտծին, Պայէրն Միւնիխին (2-1) եւ Ֆիորենթինային (3-0):
Անիկա իր միակ պարտութիւնը կրեց Ռէալ Մատրիտէն, այդ ալ` փենալթիներով:
Արսենալ պիտի կատարէ նաեւ բարեկամական այլ մրցումներ հետեւեալ խումբերուն դէմ. Լիոն (28 յուլիս), Անժէ (31 յուլիս) եւ Պարսելոնա (4 օգոստոս):
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արսենալի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նիւքասըլ (11 օգոստոս):