Մարզական

Թեքուանտօ. Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 2 Պրոնզ Մետալի

Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ թեքուանտոյի կրտսերներու ախոյեանութեան (14-17 տարեկան), Լիբանանի ազգային խումբը իր ելոյթներուն սկսաւ լաւ ձեւով: Առաջին օրուան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռաֆայէլ Քուտսի եւ Քարլա Պուսթանի Լիբանանին ապահովեցին պրոնզ մետալ: Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, որ կը գլխաւորէ պատուիրակութիւնը, յայտնեց, որ լիբանանցի մարզիկները յոյս ունին յաւելեալ մետալներու ալ տիրանալու: Յայտնենք, որ ախոյեանութիւնը տակաւին կը շարունակուի:  

Ժիւտօ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 8 Մետալի` Յորդանանի Մէջ

Երէկ Յորդանանէն Լիբանան վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան: Տարբեր դասակարգերու մրցումներուն մասնակցելով` Լիբանանի ազգային խումբին մարզիկները տիրացան 8 մետալի (4 ոսկի, 2 արծաթ, 2 պրոնզ): Լիբանանեան պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ, յայտնեց, որ լիբանանցի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները կը նկատէ շատ լաւ:  

Աթլեթիզմ.  Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութեան Հաստատուեցաւ Լիբանանեան Երկու Նոր Մրցանիշ

Աթլեթիզմ. Լիբանանի Անհատական Ախոյեանութեան Հաստատուեցաւ Լիբանանեան Երկու Նոր Մրցանիշ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ (չորս օրերու վրայ երկարած) Լիբանանի աթլեթիզմի անհատական ախոյեանութիւնը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 100 երկսեռ մարզիկներ, որոնք մաս կը կազմէին ֆետերասիոնին անդամակցած 14 միութիւններու: Ախոյեանութեան աւարտին ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ անոր ընթացքին լիբանանեան երկու նոր մրցանիշներ հաստատուեցան: Տղոց 400 մեթրի վազքի մրցումին, Նուրէտտին Հատիտ (Լիբանանեան բանակ) հաստատեց...

Լողարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Հասաւ Կուանկզու

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Կուանկզուի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը հասաւ Հարաւային Քորէա: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 200 երկիրներէ երկսեռ լողորդներ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆարիտ Ապի Ռաատ: Ազգային խումբին մարզիչն է Էլի Պութրոս, իսկ մարզիկներն են` Ատիպ Խալիլ, Մունզեր Քապպարա, Կապրիելլա Տուէյհի եւ Մարի Խուրի:...

«Եւրոպայի-Լիկա». Արարատ Արմենիա Արձանագրեց 2-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը` Լինքոլնի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Արարատ Արմենիա, երէկ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Լինքոլնը (Ճիպրալթար), «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած խումբը արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: 33-րդ վայրկեանին ռուս Անթոն Քոպիալքօ նշանակեց հայկական խումբին առաջին կոլը, մինչ Ա. կիսախաղի դադարէն առաջ (46-րդ) միջնապահ Քասէ Ալֆոնսէ (Փղոսկրեայ Ափունք) արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: 49-րդ վայրկեանին...

Մեսսի Պարսելոնայի Հետ Պիտի Ստորագրէ Իր 10-րդ Պայմանագրութիւնը

Պարսելոնայի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր ակումբին հետ պիտի ստորագրէ նոր պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2023: Մեսսի 2004-ին Պարսելոնայի հետ ստորագրած է իր առաջին պայմանագրութիւնը: Ասիկա պիտի ըլլայ 32 տարեկան Մեսսիի 10-րդ պայմանագիրի կնքումը: Անոր ներկայ պամանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէուի նպատակն է ցմահ պայմանագրութիւն մը կնքել Մեսսիի հետ:...

Անտրես Ինիեսթա` «Լա-Լիկա»-ի Դեսպան

Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա դարձաւ սպանական «Լա-լիկա»-ի դեսպան: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ` «Լա-լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպասի մասնակցութեամբ: Ինիեսթա ստացաւ թիւ 8 մարզաշապիկը, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենար Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Ինիեսթա այժմ մաս կը կազմէ ճափոնական Վիսել Քոպէ խումբին:  

Յարգանքի Արժանի Քայլ. Էտերսոն Բարեգործական Մրցում Մը Կազմակերպեց Կարիքաւորներու Համար

Անգլիական Մանչեսթըր Սիթիի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Էտերսոն բարեգործական մրցում մը կազմակերպեց Պրազիլի Սան Փաուլօ նահանգի Օզասքու քաղաքին մէջ` կարիքաւորներուն օգնելու համար: Անոր խումբը մրցեցաւ պրազիլցի երգիչ «Էմ. Սի. Կուիմէ» խումբին դէմ: Մրցումին մասնակցեցան շարք մը երգիչներ եւ ֆութպոլիստներ: Մրցումը վերջ գտաւ 5-5 հաւասար արդիւնքով: 25 տարեկան Էտերսոն, որ այս մրցումին մասնակցեցաւ իբրեւ միջնապահ, նշանակեց 2 կոլ: Այս...

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Մարզական Ակումբներուն Հնգեակը

«Ֆորպզ»-ի հրապարակած աշխարհի ամէնէն սուղ մարզական ակումբներու դասաւորման մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ ամերիկեան ֆութպոլի Տալաս Քաուպոյզը ակումբը (5 միլիառ ամերիկեան տոլար): Երկրորդ դիրքին վրայ է պէյսպոլի Նիւ Եորք Եանքիզը (4,6 միլիառ տոլար): Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ռէալ Մատրիտը (4,24 միլիառ տոլար): Չորրորդ դիրքին վրայ է Պարսելոնան (4,02 միլիառ տոլար), իսկ հինգերորդ դիրքին վրայ է «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Նիւ Եորք...

Լիբանանի Աղջկանց Ֆութպոլ. Ախա Ահլի Ալէյ Կրտսերներու Ախոյեան` Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ Ախա Ահլի Ալէյի աղջկանց ֆութպոլի խումբը հանդիսացաւ Լիբանանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեան` աւարտականի մրցումին 8-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Զուք Մոսպեհի: Յաղթական կազմէն Սինթիա Սալեհ հեթրիք մը իրագործեց: Մրցումին աւարտին Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի փոխնախագահ Համբիկ Միսաքեան տիտղոսը յանձնեց յաղթական կազմի խմբապետ Սինթիա Սալեհին: Յայտնենք, որ Համբիկ Միսաքեան միեւնոյն ժամանակ ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած...

Պասքեթպոլ. Ճօ Մուժահես Նշանակուեցաւ Մթայլեպ Ակումբի Մարզիչ

PROFOTO Երէկ` երկուշաբթի, 22 յուլիսին Մթայլեպ ակումբի հիմնադիր եւ անոր պատուոյ նախագահ Փոլ Շըտիտի (Մթայլեպի քաղաքապետ) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի կնքում, որուն ընթացքին մարզիչ Ճօ Մուժահես ստորագրեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` դառնալով խումբին գլխաւոր մարզիչը: Վերջերս Լիբանանի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Մթայլեպ 2019-2020 տարեշրջանին պիտի մասնակցի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Մուժահես շնորհակալութիւն յայտնեց իր նկատմամբ ցուցաբերուած այս վստահութեան համար`...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահը` Լիբանանի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Եգիպտոսէն Լիբանան հասաւ ՖԻՖԱ-ի զուիցերիացի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ` անձնական այցելութեամբ մը: Ան շուրջ շաբաթ մթ պիտի մնայ Լիբանանի մէջ, յայտնեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Մահմուտ Ապու Նաժա: Ինֆանթինօ նախապէս 2017-ին այցելած է Լիբանան:

Պասքեթպոլ.  Սայտա Մարզական Միութեան 3×3 Պասքեթպոլի Յիշատակելի Մրցաշարքը

Պասքեթպոլ. Սայտա Մարզական Միութեան 3×3 Պասքեթպոլի Յիշատակելի Մրցաշարքը

Գործակցութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Եասեր Հաժի, Սայտա Ինթըրնեշընըլ մարաթոն միութիւնը կազմակերպեց պասքեթպոլի 3x3 յիշատակելի մրցաշարքը` Սայտա - 2019-ի իր ամառնային գործունէութիւններուն ծիրին մէջ: Այս մրցաշարքին ընթացքին կիրարկուեցան Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնին օրէնքները: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 5 խումբեր: Աւարտականին Սայտա 12-10 արդիւնքով յաղթեց Քաֆար Սիրին: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:  

Վոլիպոլ. 4-րդ Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) Հանդիսացաւ Ախոյեան

Վոլիպոլ. 4-րդ Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) Հանդիսացաւ Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ Լիբանանի վոլիպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանը, երբ Մուսիքա Շուէյր դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: Ասիֆա (Ժալ Էլ Տիպ) հանդիսացաւ ախոյեան` 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքաֆա Ամիունի: Նշենք, որ աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ: Երրորդ հանդիսացաւ Աշմուն, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Պաթհապուրայի: Ասիֆա, Սաքաֆա Ամիուն եւ Աշմուն,...

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ֆրանսա – Սպանիա Եւ Փորթուգալ – Իրլանտա Կիսաւարտականի Ճակատումներ

Նախորդ շաբաթավերջին յստակացան այն չորս խումբերը, որոնք Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար մրցաշարքին գծով կիսաւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ: Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսան, իսկ Փորթուգալ` Իրլանտան: Երկու մրցումներն ալ, որոնք տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, պիտի սկսին ժամը 15:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած վերջին երկու ճակատումներուն, Ֆրանսա յաղթեց Նորվեկիոյ (1-0), իսկ Իրլանտա` Չեխիոյ...

Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Ստեփան Սարգսեանի Անուան Մրցաշարքը

23-24 յուլիսին Վանաձորը կը հիւրընկալէ աւելի քան 100 ըմբիշ, որոնք կը պայքարին ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր, աշխարհի բաժակակիր, Եւրոպայի ախոյեան, ազատ ոճի ըմբիշ Ստեփան Սարգսեանի անուան միջազգային 24-րդ մրցաշարքին ախոյեանի կոչման համար: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արայիկ Բաղդադեան յայտնեց, որ մրցաշարքին կը մասնակցին Ռուսայէն, Պիելոռուսիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ ըմբիշներ: Ռուսիա պիտի ունենայ 55 ըմբիշ, Ղազախստան` 35, Ուքրանիա, Պիելոռուսիա,...

«Եւրոպայի-Լիկա». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Լինքոլն

«Եւրոպայի-լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 23 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Արարատ - Արմենիա կը հիւրընկալէ Լինքոլնը (Ճիպրալթար): Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

«Ֆորմիւլա-1». Մոնզա Իր Պարտադրութիւններուն Սկսաւ. Ալեքս Տեմիրճեանի Մասնակցութիւնը Ցարդ Յստակ Չէ

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Մոնզայի կրան-փրին: Անոր կազմակերպիչները կը յայտնեն, որ այժմէն իսկ պատրաստութիւնները կը շարունակուին եւ մեծ աշխատանք կը տարուի այդ կրան փրին լաւապէս հիւրընկալելու համար` բոլոր մակարդակներուն վրայ: Այս կրան փրիին նախօրեակին ցարդ յստակ չէ, որ «Ֆեռարի» խումբին մաս կազմող լիբանանահայ Ալեքս Տեմիրճեան անոր պիտի մասնակցի՞, թէ՞ չէ: Տեմիրճեան...

Պասքեթպոլ. Անթոնի Տէյվիս Շատ Հաւանաբար Միանայ Շիքակօ Պուլզին

Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող պասքեթպոլիստ Անթոնի Տէյվիս յայտնեց, թէ շատ հաւանական է, որ միանայ Շիքակօ Պուլզին: Ան յայտնեց, որ Պուլզ իր փոխանցումը կրնայ ըլլալ այն ժամանակ միայն, եթէ իր փոխանցման գծով համաձայնութիւն ըլլայ երկու ակումբներուն միջեւ: Ըստ Տէյվիսի, Շիքակօ քաղաքը պասքեթպոլի իսկական քաղաք մըն է, իսկ անոր բնակիչները աննկարագրելի սէր ունին այս մարզին նկատմամբ: Յայտնենք սակայն, որ վերջին տարիներուն...

Կերըթ Պէյլի Ապագան Բաւական Մշուշոտ` Ռէալ Մատրիտի Հետ

Անցնող քանի մը օրերուն, Կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ եղաւ լրատուամիջոցներու լուսարձակին տակ: Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան հաստատեց,որ ան խումբէն պիտի հեռանայ: «Մենք յոյս ունինք, որ ան շուտով կը հեռանայ կազմէն, որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլայ լաւագոյն լուծումը բոլորին համար: Մենք աշխատանք կը տանինք անոր փոխանցման կարգադրութիւնները արագացնելու համար: Անձամբ ես անոր դէմ ոչինչ ունիմ: Բայց խումբը կարիքը ունի փոփոխութիւններու»,...

Page 677 of 1279 1 … 676 677 678 … 1,279

Արխիւներ