Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարքոս Ասենսիօ, որ Արսենալի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորեց իր ոտքը, շատ հաւանաբար 2019-2020 տարեշրջանին չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
23 տարեկան միջնապահը Մերիլենտի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած այս մրցումին ընթացքին, կոլ մը նշանակելէ քանի մը վայրկեան ետք, ստացաւ ծանր վնասուածք մը եւ պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն:
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումները շատ յաճախ կու տան իրենց դրական արդիւնքը, իսկ երբեմն ալ վնաս կը հասցնեն ֆութպոլիստներուն եւ անոնց ակումբներուն:



