Երեւանի մէջ աւարտին մօտեցող Եւրօ-2019-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19 տարեկանէն վար մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 27 յուլիսին, աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Փորթուգալ եւ Սպանիա: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Կիսաւարտականին Սպանիա փենալթիներով (4-3) յաղթեց Ֆրանսային (մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով):
Իսկ Փորթուգալ մեծ քայլերով ապահովեց աւարտական իր տոմսը` 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Իրլանտան: