Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց աշխարհի բաժակի մրցաշարքին մասնակցող 128 մասնակիցներուն անունները:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Լեւոն Արոնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արման Փաշիկեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան:
9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր Ռուսիոյ Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:
Մրցաշարքը պիտի ընթանայ նաք-աութի դրութեամբ: