Արթուր Գէորգեանի ղեկավարած Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը հեռացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին անդամակցութենէն, փոխարէնը կոմիտէի ժամանակաւոր անդամ դարձաւ Կռփամարտի հայկական ազգային ֆետերասիոնը:
Այս մասին յայտարարուեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 24 յուլիսին, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի արտակարգ նիստին, զոր կը վարէր կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան:
Նիստին ներկայ էին տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ, հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչներ, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւ մարզիկներ:
Իսկ Օլիմփաւանի բակին մէջ կը գտնուէին մեծ թիւով կռփամարտիկներ եւ մարզիչներ, որոնք կը ներկայացնէին Կռփամարտի հայկական ազգային ֆետերասիոնը:
Այս արտակարգ նիստին օրակարգի նիւթերն էին` եւրոպական երկրորդ խաղերուն հաշուետուութիւնը, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստական աշխատանքներուն ներկայացումը եւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին անդամակցութենէն զրկելը:
Նիստին ներկայ էին Ազգային ողիմպիական կոմիտէի 67 անդամ:
Բոլոր որոշումները ընդունուեցան բաց քուէարկութեամբ:
Հայաստանէն դուրս ըլլալուն պատճառով կը բացակայէր, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Յայտարարուեցաւ, որ ժամանակաւոր անդամակցութիւն կը տրուի Կռփամարտի Հայաստանի ազգային ֆետերասիոնին:
Ապա, 65 կողմ, 2 ձեռնպահ եւ չմասնակցած ձայներու քանակով, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէէն հեռացնելու հարցը վաւերացուեցաւ:
Իսկ Կռփամարտի հայկական ազգային ֆետերասիոնը Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ դարձնելու որոշումը քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ 64 կողմ եւ 3 ձեռնպահ ձայներով:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան, հայկական լրատուամիջոցներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Մեր ֆետերասիոնը, երկրին ամէնէն արդիւնաւէտ աշխատող, նուազագոյն նիւթական միջոցներով առաւելագոյն արդիւնքը տուող կառոյցն է:
«Կը զարմանամ, որ այս կառոյցը ինչո՞ւ այդքան դժուարութիւն կը յառաջացնէ ոմանց մօտ:
«Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը մեզ կը ճանչնայ իբրեւ օրինական ֆետերասիոն:
«Իբրեւ մեծ սեփականատէր` Գագիկ Ծառուկեանի գործը պէտք է ըլլայ միայն ախոյեանները պարգեւատրելը:
«Մարզական աշխարհին մէջ ան այլ բանով պէտք է զբաղի: Եթէ ան հայրենասէր է, կը սիրէ հայկական մարզաշխարհը, պէտք է զբաղի միայն պարգեւատրումներով: Իսկ մասնագիտական աշխատանքը պէտք է ձգէ մասնագէտներուն:
«Անոր կատարածը` մեր ֆետերասիոնին դէմ, կը վնասէ հայկական մարզաշխարհի շահերուն»: