Երէկ` հինգշաբթի, 25 յուլիսին, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, կատարուեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Մրցումներ կատարեցին նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ:
Փիւնիկ, որ Գիւմրիի մէջ հիւրընկալեց չեխական Եապլոնեցը, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արթուր Միրանեան նշանակեց հայկական կազմին երկու կոլերը (6-րդ եւ 30-րդ):
Սակայն Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած կազմը` Ալաշկերտ, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց ռումանական Շթէուայէն: