Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Շապապ Ղազիէ ընդհանուր քարտուղար Ալի Հասսուն յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի տարեկան համագումարին հակադիր դիրք մը պիտի որդեգրէ` բողոքելով այն որոշումին դէմ, որ եթէ խումբ մը տարեշրջանին ընթացքին դաշտին վրայ յաւելեալ ժամանակ չտայ 23 տարեկանէն վար իր ֆութպոլիստներուն, այդ խումբէն երեք կէտեր պիտի խլուին:
Այս քայլը ֆետերասիոնին կողմէ կը նկատուի քիչ մը վտանգաւոր, եզրափակեց Հասսուն: