Ռուսիոյ աղջկանց սուսերամարտի հաւաքականը, Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի սուսերամարտի ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան:
Աւարտականին Ռուսիա 45-40 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի:
Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Ռուսիոյ հաւաքականին հետ բացառիկ արդիւնքներ ձեռք ձգեց հայազգի Եանա Եգորեան:
Ռուսիա աւարտականի իր տոմսը ապահոված էր` 45-37 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իտալիոյ:
Եանա Եգորեան 2016-ի Ռիոյի Ողիմպիականի խաղերուն կրկնակի ախոյեան է:



