Նախորդ շաբաթավերջին Ախա Ահլի Ալէյի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Շապապ Սահել – Ահտ մրցումին (Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարք) ուշագրաւ երեւոյթ մը նկատուեցաւ:
Արդարեւ, Սահելի նախագահ Սամիր Տըպուք, գործադրելով Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տուած որոշումը, մրցումին հետեւեցաւ դաշտին թրիպիւնէն:
Յայտնենք, որ իր վերջին ժողովներէն մէկուն ընթացքին ֆետերասիոնը յայտնած էր, որ ակումբի մը կատարած մրցումին ընթացքին բացարձակապէս կ՛արգիլուի, որ պահեստի նստարաններուն վրայ ներկայ ըլլան այդ խումբին նախագահը կամ այլ պատասխանատուներ: