Տեղեկացուցած էինք, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը Ասիա-2021-ի բաժակի մրցաշարքին զտումի իր մրցումները սկսաւ տպաւորիչ յաղթանակով մը, երբ 87-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Իրաքը, Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ):
Այսօր` երկուշաբթի, 24 փետրուարին նոյն մարզադաշտին վրայ եւ միեւնոյն ժամուն (ժամը 21:00-ին), Լիբանան կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` հիւրընկալելով Պահրէյնը:
Դ. խմբակին մէջ Լիբանան իրեն մրցակից ունի նաեւ Հնդկաստանը:
Լիբանանի ազգային խումբին համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց խումբը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել:
Նշենք, որ Ասիոյ ցամաքամասին խումբերը բաժնուած են վեց խմբակի, հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ֆիլիփեաններ, Ինտոնեզիա, Թայլանտ, Քորէա:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Թայփէ, Ճափոն, Մալեզիա, Չինաստան
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Նոր Զելանտա, Աւստրալիա, Կուամ, Հոնկ Քոնկ
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Լիբանան, Իրաք, Հնդկաստան, Պահրէյն
Ե. խմբակ.- Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, Քաթար, Իրան
Զ. ԽՄԲԱԿ.- Յորդանան, Ղազախստան, Սրի Լանքա, Պաղեստին:
Երթուդարձի մրցումներէն ետք իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը (12) կ՛ապահովեն աւարտական հանգրուանին իրենց տոմսը:
Իսկ երրորդ դիրքը գրաւած վեց խումբերը իրարու դէմ կը կատարեն մրցումներ: Դասաւորման առաջին չորս դիրքերը գրաւած խումբերը կը միանան այդ 12 խումբերուն: