Էրեբունի – ՖԻՄԱ մրցումով իր աւարտին հասաւ Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը:
ՖԻՄԱ արձանագրեց 97-89 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն 30 կէտ նշանակեց Ճորճ Փոտկոլզին:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք 37-ական կէտ ապահոված են Արագած եւ Ուրարտու: 28-ական կէտ ունին ՖԻՄԱ եւ Երեւան:



