«Լա Լիկա». Պարսելոնա Ռէալ Մատրիտէն Խլեց Պարագլուխի Դիրքը
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 25-րդ հանգրուանին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման յառաջատարը դարձաւ Պարսելոնա, որ Ռէալ Մատրիտէն խլեց պարագլուխի դիրքը` երկու կէտի առաւելութիւն մը ունենալով անոր վրայ: Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրը եղաւ Լեվանթէի (այժմ 10-րդ), նուազագոյն հաշիւով պարտութիւն մը կրելով, նահանջեց երկրորդ դիրք: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Խոսէ Լուիս Մորալես (79-րդ): Այս պարտութիւնը Ռէալի համար եղաւ տարեշրջանի երկրորդը: Պարսելոնա,...




