Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 23 փետրուարին վերոնշեալ ակումբին մէջ (Վերտանի շրջան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերու (երկսեռ):
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Մարք Մարտիկեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս)` ապահովելով 4,5 կէտ գրաւեց երրորդ դիրքը: Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց առաջին դիրքը գրաւած Անթոնի Մուաուատէն:
10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Սամուէլ Քալուշ (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) հանդիսացաւ տիտղոսակիր` ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտը:
Վերջապէս, 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (աղջիկներ) երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիքա Ապաճեան, որ ապահովեց 4 կէտ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆետերասիոնին անդամներուն, որոնց կարգին, ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Էլի Հուլիշեանին:





