Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Այրեֆլոթ-օփըն»-ի 2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի ճակատումներէն ետք, Ա. մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մանուէլ Պետրոսեան, որ այժմ ապահոված է 4 կէտ, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, կէս կէտով միայն ետ մնալով յառաջատարէն` Ռաուֆ Մամետովէն (Ազրպէյճան):
Բ. մրցաշարքին մէջ Տիգրան Յարութիւնեան 4,5 կէտով յառաջատարներէն է:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 74 ճատրակ խաղացողներ, իսկ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 140 հազար եւրօ:



