Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ հինգշաբթի, 27 փետրուարին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըպպայէ), տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացուին վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները:
Ժողովականները պիտի քննարկեն նաեւ 2020-ին տեղի ունենալիք տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն կայացման վերաբերող հարցեր: