«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն արեւմտեան շրջանի առաջին դիրքը գրաւող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 43-րդ յաղթանակը, երբ 114-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պոսթըն Սելթիքսը:

Այս վերջինէն Ճէյսըն Թաթում նշանակեց 41 կէտ, մինչ Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս` 32:
Նոյն շրջանին վերջին դիրքին վրայ գտնուող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 45-րդ պարտութիւնը, իր դաշտին վրայ, Նիւ Օրլինզէն` 115-101 արդիւնքով:
Պրետլի Պիլ թէեւ նշանակեց 53 կէտ, սակայն անոր կազմը` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ, 126-117 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Շիքակօ Պուլզի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Քոպի Ուայթ նշանակեց 33 կէտ:
Նշենք, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս 119-98 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:


