Շաբաթ, 22 փետրուարին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը, նախագահութեամբ նախագահ Աքրամ Հալապիի, իր կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին տուաւ շարք մը որոշումներ:
Յայտարարուեցաւ, որ 29 մարտին պիտի շարունակուի տղոց Ա. դասակարգի 2019-2020 տարեշրջանի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը: Անիկա պիտի ըլլայ ճշդուած վերջին թուականը ախոյեանութիւնը շարունակելու համար:
Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ միայն լիբանանցի մարզիկներով: Երթուդարձի մրցումներէն ետք տեղի պիտի ունենան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները (հինգ մրցումէ` երեք յաղթանակ), որմէ ետք աւարտականը (հինգ մրցումէ` երեք յաղթանակ):
Ակումբներուն հինգ օրուան ժամանակ տրուեցաւ ֆետերասիոնին փոխանցելու անունները այն մարզիկներուն, որոնք հեռացած են իրենց ակումբներէն, անոնց պայմանագրութիւնները ջնջուելէ եւ չեղեալ համարուելէ ետք:
Վերջապէս ֆետերասիոնը յայտնեց, թէ ընդմիջուած այս ախոյեանութեան բոլոր ծախսերը ինք պիտի հոգայ: