Շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումները:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), երբ Լիվըրփուլ (առաջին) կը հիւրընկալէ Ուեսթ Համին (18-րդ):

Տեղի ունեցած մրցումներուն հետաքրքրական եղաւ լոնտոնեան տերպին, որուն ընթացքին Չելսի 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թոթենհամին: Սթեմֆըրտ Պրիճ-ի դաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին ներկայ էր աւելի քան քառասուն հազար հանդիսատես:
Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ուաթֆորտին (19-րդ): Այս մրցումին ներկայ եղան աւելի քան 73 հազար համակիրներ:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ` յաջորդաբար` Լայսթըր Սիթիի (1-0) եւ Էվըրթընի (3-2) դէմ:
Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ նշանակեց Արսենալի կոլերէն երկուքը (33-րդ եւ 46-րդ):
Իսկ Լայսթըր Սիթիի դաշտին վրայ կատարուած մրցումին Կապրիել Խեսիւս նշանակեց Սիթիի կոլը (80-րդ):