Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Քալչիօ) 25-րդ հանգրուանին գծով նախորդ շաբաթավերջին չորս մրցումներ յետաձգուեցան երկրին հիւսիսային շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրի բազմաթիւ դէպքերուն պատճառով:
Նշենք, որ յետաձգուեցան նաեւ ոչ արհեստավարժ եւ երիտասարդական լիկաներու 42 մրցումներ:
Յետաձգուած մրցումներուն կարգին եղաւ նաեւ Ինթեր Միլան-Սամտորիա մրցումը:

Առաջին դիրքը գրաւող Եուվենթուս եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Լացիօ Ռոմա, յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար ՍՓԱԼ-ի (2-1) եւ Ճենովայի (3-2) դէմ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվէի առաջին կոլը (39-րդ):
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Լեչէն:
Մխիթարեան նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը, 37-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան կատարեց նաեւ նշանակուած առաջին կոլին էսիսթը:
Ֆիորենթինա 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Ա. Սէ. Միլանի հետ: