«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին երկուքական մրցումներ:
Չորս մրցումներն ալ կը սկսին ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն Չելսի կը հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, մինչ Պարսելոնա հիւրը կ՛ըլլայ Նափոլիի:
Վաղը Ռէալ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Մանչեսթըր Սիթին, մինչ Եուվենթուս հիւրը կ՛ըլլայ Լիոնի: