Երէկ գիշեր Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կատարեց Ասիա-2021-ի բաժակի զտումի մրցաշարքի իր երկրորդ մրցումը` այս անգամ հիւրընկալելով Պահրէյնը:
Լիբանան, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Իրաքի (87-68), երէկուան այս մրցումին 43 կէտի մեծ առաւելութեամբ մը յաղթեց իր հիւրին` 116-73 արդիւնքով:
Նշենք, որ այսպիսով երկու երկիրներուն պասքեթպոլի պատմութեան մէջ, Լիբանան արձանագրեց իր մեծագոյն յաղթանակը (անցեալին` 38 կէտի առաւելութեամբ):
Երէկուան այս մրցումին ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան` Յակոբ Թերզեան, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին Ա. փոխնախագահ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Աքրամ Հալապի, ֆետերասիոնին այլ անդամները, անձնաւորութիւններ եւ շուրջ երեք հազար հանդիսատեսներ:
Վերադառնալով մրցումին, յայտնենք, որ Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Էլի Շամուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ այժմ Լիբանան կը գրաւէ Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքը (4 կէտով):
Լուսանկարները Տրամադրեց`
PROFOTO