Շաբաթ, 22 փետրուարին Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտին վրայ իր աւարտին հասաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Աւարտականի մրցումին Անդրանիկ Անթիլիաս, յաղթելէ ետք Հուփս Մեթընի (85-74) հանդիսացաւ ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Գ. դասակարգ:
Յաղթական խումբը մրցումին աւարտին իր տիտղոսը ստացաւ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար` Շարպել Ռըզքէն:
Նշենք, որ անոնք երկուքը, ինչպէս նաեւ Շապապ Պաթրուն բարձրացան Գ. դասակարգ: