Շաբաթ, 22 փետրուարին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պահրէյն մեկնեցաւ Ահտի ֆութպոլի պատուիրակութիւնը, որ պիտի մրցի տեղւոյն կազմերէն Մանամայի դէմ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Ա. խմբակ):
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 24 փետրուարին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մայրաքաղաք Մանամայի մէջ գտնուող Խալիֆէ մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ այսօր, մրցում ունի նաեւ Անսար (Բ. խմբակ)` յորդանանեան Ֆայսալի խումբին դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին: