Քանատական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 16-22 մարտին, Մոնրէալի մէջ, յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով, յետաձգուեցաւ նաեւ աղջկանց աշխարհի Հաքիք ախոյեանութիւնը, որ իր կարգին տեղի պիտի ունենար Քանատայի մէջ:
Ըստ քանատական մամուլին, մինչեւ երէկ վերոնշեալ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը գնահատուէր 120 հազարով (աշխարհի տարածքին), իսկ մահացողներուն թիւը` չորս հազարով: