Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՊԱ) երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Եւրորայի տարածքին ամէն տեսակի մրցաշարքերը կը դադրին անորոշ թուականով:
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ ուրբաթ, 13 մարտէն սկսեալ:
Միջազգային այլ կազմակերպութիւններու նման, ՖԻՊԱ-ն եւս մտահոգ է «Քորոնա» ժահրով եւ չ՛ուզեր մարզիկներուն կեանքը վտանգել:
Այսպիսով, կը դադրին «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք պասքեթպոլի բոլոր տեսակի մրցումները` անխտիր: