Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող իտալացի կեդրոնի յետսապահ Տանիելէ Ռուկանի վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
25 տարեկան ֆութպոլիստին ենթարկուած քննութիւնը տուած է դրական արդիւնք:
Այժմ բժիշկները առողջապահական մեկուսարան մը պիտի փոխադրեն Ռուկանին եւ անոր հետ վերջին օրերուն շփում ունեցած բոլոր մարդիկը, որոնց կարգին` Եուվենթուսի ֆութպոլիստները եւ մարզիչները:
Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին հետ կատարած է եօթը մրցում: