Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ը երէկ յայտարարեց, որ երկրին տարածքին բոլոր դասակարգերու ախոյեանութիւնները կը դադրին մինչեւ 4 ապրիլ:
Արսենալի, Չելսիի եւ Էվըրթընի մօտ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը կը կարծուի քիչ մը մտահոգիչ ըլլալ` երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին համար:
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, անոնք եւս յետաձգուեցան, առանց սակայն անոնց վերսկսման գծով յստակ թուական մը յայտարարելու: