Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտին, Յունաստանի մէջ վառեցին Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ջահը:
Աշխարհի մէջ հետզհետէ աւելի տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով պաշտօնական հանդիսութեան ոչ մէկ հանդիսատես ներկայ էր:
Առաջին ջահակիրն էր Ռիոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ազգութեամբ յոյն նշանառու Աննա Քորաքաքի:
19 մարտին ջահը պիտի ուղղուի Ճափոն: Անիկա մինչեւ 24 յուլիս պիտի շրջագայի երկրին մէջ եւ ապա բերուի ողիմպիական մարզադաշտ, ուր տեղի պիտի ունենայ խաղերուն պաշտօնական բացումը:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ յոյս յայտնեց, որ մինչեւ խաղերուն ազդանշանը տրուիլը, «Քորոնա» ժահրը ամբողջութեամբ կ՛անհետանայ: