Գերմանիա հանդիսացաւ վերջին երկիրը, որ որոշեց յետաձգել Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, մինչեւ 2 ապրիլ:
Այս որոշումը տրուեցաւ երէկ յետմիջօրէին, մինչ մինչեւ կէսօր 26-րդ հանգրուանի մրցումները կատարելու ծրագիրը կը մնար ի զօրու:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ չեն ուզեր վտանգել որեւէ ֆութպոլիստը, իրաւարարի, մարզիչներու եւ այլ պատասխանատուներու կեանքերը` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: