Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին տարածքին ախոյեանութեան բոլոր մրցումները երկու շաբաթով կը դադրեցուին:
Այս որոշումը ո՛չ միայն կը վերաբերի «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան, այլ նաեւ մնացեալ դասակարգերուն:
Մրցումներուն վերսկսման գծով կը տիրէ անորոշ վիճակ մը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկային անոնց երկու շաբաթով դադրեցման որոշումը կրնայ երկարաձգուիլ: