Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 18-21 մարտին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը յետաձգուած է:
Յայտարարուեցաւ, որ այս մրցաշարքը կրնայ տեղի ունենալ 3-6 յունիսին, անշուշտ եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը նուազի եւ մարդիկ վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին: