Լոնտոնեան Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթայի` «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը եղած է դրական, երէկ յայտնեց անգլիական մամուլը:
Ակումբին ֆութպոլիստները եւ անձնակազմին անդամները, որոնք վերջին շրջանին անոր հետ շփման մէջ եղած են, մեկուսացուած են: Արսենալ ակումբին ամբողջ խումբը պիտի մտնէ առողջապահական մեկուսարանի մէջ:
37 տարեկան սպանացի մարզիչը ըսաւ, որ երբ իրեն արտօնութիւն տրուի, պիտի վերսկսի իր աշխատանքին: