Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ շարք մը քննարկումներէ ետք ցարդ չէ որոշած, թէ ախոյեանութիւններուն գծով ի՛նչ պիտի ըլլայ իր տալիք որոշումը, թէեւ այդ ուղղութեամբ մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այսօր` ուրբաթ, 13 մարտին, ֆետերասիոնը պիտի գումարէ այլ ժողով մըն ալ, որմէ ետք պիտի տայ վերջնական որոշումը:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ազգային հաւաքականին կատարելիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, ֆետերասիոնը ամէնօրեայ կապի մէջ է Ուզպեքիստանի եւ Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն հետ:
Այս մրցումներուն գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի երեքշաբթի, 17 մարտին: 26 եւ 30 մարտին ծրագրուած էին ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ` յաջորդաբար Ուզպեքիստանի եւ Ղազախստանի դէմ: